Շաբաթ օրը երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելեց Մատրիտի Ս. Յովսէփի անուան
անկարներու կեդրոնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց կեանքի անգնահատելի
արժանաւորութեան յարգանքին ի խնդիր, յիշեցնելով թէ ամէն մարդկային կեանք ստեղծուած է
Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Նշենք թէ այս կեդրոնը հիմնուած է 1899-ին,
ներկայիս կը խնամէ ֆիզիքական ու մտային աւելի քան 400 անկարներ։ Նախապէս Սրբազան հայրը
Պուէն Ռեդիրօ կոչուած այգիին մէջ ապաշխարհութեան առանձնական խորհուրդը մատակարարեց չորս
պատանի պարմանուհիներու` անոնցմէ երկուքը ֆրանսացիներ էին, մէկը գերմանախօս զուիցերիացի
իսկ չորրորդը սպանացի։ Իր այս նախաձեռնութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց շեշտել
խոստովանանքի խորհուրդին կարեւորութիւնը ամէն մէկ քրիստոնեայի համար։